ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉՆԵՐ

01-14 Յուլիս

Դասընթացքին կրնան մասնակցիլ 20 տարեկանէն բարձր սփիւռքի հայկական կառոյցներու երիտասարդ ներկայացուցիչներ, համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավար պաշտօններ զբաղեցնող անձիք, խորհուրդներու անդամներ, ներկայացուցիչներ, որոնք ունին համայնքներուն մէջ աշխատանքի առնուազն 1 տարուան փորձԴասընթացքին նպատակն է ստեղծել փոխադարձ ճանաչողութեան դաշտ, կապերու հաստատում հայրենիքի հետ, ծանօթացնել Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեանը եւ համակարգին, նպաստել Սփիւռքի համայնքային կառոյցներու կայացմանը, հայապահպանական ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան բարձրացմանը, համայնքներու ինքնակառավարման նոր գործընթացներու ներդրմանը: Ծրագրի շրջանակներուն մէջ կը կազմակերպուին հանդիպումներ պետական իշխանութեան համակարգի ներկայացուցիչներու, ԶԼՄ-ներու հետ, կը մշակուին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեան նոր կառուցակարգեր: 

Տպել
ՀՀ, ք. Երեւան,
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն,
Վազգէն Սարգիսեան 3,
Հեռ.` (+374 60) 50-08-30, (+374 10) 58-56-01 (700)
Երեւանի պետական համալսարան,
Ալեք Մանուկեան 1,ԵՊՀ 2-րդ մասնաշէնք, 5-րդ յարկ,
Հեռ.`(+374 60) 71 00 92
© ՍՓԻՒՌՔ ամառնային դպրոց